Կայացել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի՝ «Հայ եկեղեցին» գրքի հունարեն թարգմանության շնորհանդեսը․
«Ուրբաթ, 30 Մայիս 2025-ին, Աթէնքի խորհրդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն լեզուով հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» գիրքի յունարէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Աթէնքի եւ ամբողջ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Երոնիմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Նշենք, որ Նորին Սրբութեան գիրքը թարգմանուած է շուրջ տասը լեզուներու եւ լայն շրջանառութիւն ու ընդունելութիւն գտած օտար շրջանակներու կողմէ: Յիշեալ գիրքը յունարէնի թարգմանեց յոյն եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եպիսկոպոսներէն Ֆիլատէլֆիոյ առաջնորդ Կապրիէլ եպիսկոպոսը եւ հրատարակուեցաւ Յոյն Պատրիարքարանին կողմէ:
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ յոյն թէ հայ յատուկ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ: Յաջորդաբար խօսք առին Կապրիէլ եպիսկոպոս, փրոֆ. Վենիզէլլոս եւ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան: Անոնք ներկայացուցին գրքին բովանդակութիւնը՝ շեշտելով անոր կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ամբողջական ու ճշգրիտ ճանաչողութեան իմաստով: Շնորհահանդէսի փակման խօսքը կատարեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս հետեւեալ կէտերը ընդգծեց.-
Ա) Այս գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ հայ ու յոյն եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն պատմական յարաբերութիւնը: Այդ յարաբերութիւնը ո՛չ միայն եղած է սերտ, այլ համապարբակ, ներառելով մեր եկեղեցւոյ ու կեանքի զանազան բնագաւառները:
Բ) Գիրքը կը ներկայացնէ հասարակաց աւանդութիւններն ու արժէքները, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են մեր եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ: Այսօր եւս մենք ունինք հասարակաց դատ եւ, հետեւաբար, մեր գործակցութիւնը պէտք է աւելիով սերտանայ։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ ընդգծեց քրիստոսաբանական մարզին մէջ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը: ԱՆ ըսաւ, որ անցեալէն եկող կարծրատիպեր անհրաժեշտ է որ վերանան եւ նոր պայմաններու լոյսին տակ ու նոր մարտահրաւէրներու դիմաց մեր եկեղեցիներու գործակցութիւնը պէտք է ամրնարայ, եզրակացուց իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը»։