Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը եզրափակել է Մայրավանքի հոգևոր լսարանի և Աստվածաշնչի սերտողությունները: Հայտնում են Կիլիկիայի կաթողիկոսությունից:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը իր բազմաճիւղ գործունէութեան ծիրէն ներս, միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է հոգեւոր լսարաններու։ Այս ուղղութեամբ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր շաբաթական դրութեամբ Մայրավանքէն ներս կը կատարեն աստուածաշնչական սերտողութիւններ ու հոգեւոր դասախօսութիւններ։
Անցնող իննը ամիսներու ընթացքին, ամէն Երեքշաբթի առաւօտ, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան ու քրիստոնէական կազմաւորման հաւաքներ։ Կատարուեցան սաղմոսի ընթերցումներ, արտասնուեցան աղօթքներ, տեղի ունեցան շարականի ուսուցումներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ։
Առ այդ, Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Մայր Տաճարին մէջ, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած Հոգեւոր Լսարանի եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւնները իրենց աւարտին հասան։ Վերոյիշեալ եզրափակիչ սերտողութեան հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Աւանդութիւն դարձած յիշեալ հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները երգեցին հոգեւոր երգեր։
Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց մասնակից տիկինները, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին մնայուն կերպով ներկայ գտնուեցան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած դասախօսական շարքերուն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններուն։ Այս առումով Հայրապետը անդրադարձաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան եւ շեշտեց անոր պատգամները մեր կեանքին մէջ ապրելու անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւորեց մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւնները պահելու, պահպանելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու յոյժ կարեւորութիւնը։ Մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքին մէջ պէտք է ապրինք ու արժեւորենք մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները. այդ արժէքներով պէտք է դաստիարակենք մեր զաւակները եւ սորվեցնենք զանոնք ամրօրէն պահելու անհրաժեշտութիւնը, ընդգծելով՝ եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արտասանուած «Պահպանիչ» աղօթքով, աջահամբոյրով եւ յիշատակի խմբանկարով»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։