Ցույց Փարիզում՝ ընդդեմ ֆաշիստական Ադրբեջանի. ՍԴՀԿ


Ցույց Փարիզում՝ ընդդեմ ֆաշիստական Ադրբեջանի. ՍԴՀԿ
Փետրվար 27 11:10 2017

Կիրակի, 26 Փետրուար 2017ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի կ’ունենայ նուագահանդէս մը նուիրուած ատրպէյճանական հակահայ փրոփականտին:

ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿ Երիտասարդական Միութիւնը զօրաշարժի կոչ հրապարակեց ու իր շուրջ հաւաքելով տարբեր երիտասարդական միութիւներ միասնական ճակատ մը կազմելով հակադրուեցան ատրպէյճանի մէնատիրական համակարգի ստախօսութեան փորձերուն:

Մեր հոն ներկայ էինք բողոքելու համար այս ձեռնարկին դէմ որ կը միտէր պղծելու հայու հռչակը, պատրուակներ բնտռելու համար ապագային կայանալիք Արցախի դէմ յարձակումները արդարացնելու համար:

Քարիւղի գինին արձանագրած անկումը, պատճառ դարձաւ դանդաղեցնելու Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը եւ բարձրացնելու անգործներու թիւը: Այս ընկերային եւ տնտեսական հարցերէն խուսափելու համար Ատրպէյճանի մէնատէրը կը պարզէ պատերազմի վախը:

Արդարացնելու համար այս պատերազմային վիճակը, ան պէտք ունի թշնամիի մը: Այս նուագահանդէսը, որուն նպատակն է հայերը ներկայացնել որպէս մարդասպաններ, կ’օգտագործուի’ հանրային կարծիքը պղտորելու համար յարձակումի մը ժամանակ:

Մենք, ՍԴՀԿ ՆԱԶԱՐԲԷԿի երիտասարդներս, պիտի շարունակենք պայքարիլ մէնատեր, ցեղապաշտ եւ ֆաշիստական Ատրպէյճանի դէմ: Բնաւ պիտի չընդունինք որ արիւնարբու Ատրպէյճանը որ 1990ին, 500000 հայեր ջարդեց ու տեղահանեց Սումկայիթեան եւ Պաքուի բոկրոմներու ընթացքին յաջողի ազատօրէն գալ Ֆրանսա եւ կատարէ իր ցեղապաշտ փրոփականտը:

ՍԴՀԿ